2009-01-19 13:40:58

 Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը` համամիութեան հետապնդումը կը շարունակուի։


Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթուան առթիւ, Վատիկանի միջեկեղեցիներու քահանայապետական խորհուրդի քարտուղար՝ գերապայծառ Պրիան յայտարարած է թէ հակառակ խոչընդոտներուն քրիստոնեաներու համամիութեան աշխատանքը կը շարունակուի։ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ համար եկեղեցիներու միութիւնը շատ կարեւոր է։ Գերապայծառ Պրիան իր հրապարակած յօդուածին՝ Վատիկանի Օսսերվատորէ Ռոմանօ կիսապաշտօն օրաթերթին մէջ կ՛ընդգծէ թէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին համար Եկեղեցիներու միութեան համար աշխատանքը առաջնահերթութիւն մըն է։








All the contents on this site are copyrighted ©.